2016-08-03 09:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 օգոստոսի հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Լեհաստանի Ճամբորդութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 3 օգոստոս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադարէ մը ետք, վերսկսաւ  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակին ունկնդրութիւնները։

Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ Լեհաստան Կատարած հովուական այցելութեան մասին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօր կ՛ուզեմ հակիրճ կերպով խորհրդածել անցեալ օրերուն Լեհաստան կատարած  առաքելական ճամբորդութեան մասին։

''Ճամբորդութեան նպատակն էր Երիտասարդութեան համաշխարհին օրերը, Չեսթոքովայի մէջ` համայնավարութեան տիրապետութեան անկումէն ետք նշուած` Երիտասարդութեան պատմական օրերէն 25 տարիներ ետք։

Այդ 25 տարիներու ընթացքին Լեհաստանը փոխուեցաւ, Եւրոպան փոխուեցաւ ու փոխուեցաւ նաեւ աշխարհը եւ այս ԵՀՕ դարձան Լեհաստանի, Եւրոպայի ու համայն աշխարհի համար մարգարէական նշան։

Երիտասարդներու նոր սերունդը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ սկսած ուխտագնացութիւնը շարունակողներն ու ժառանգները, այսօրուայ մարտահրաւէրին տուին պատասխան, տուին յոյսի նշան, նշանը որուն անունն է` եղբայրութիւն'', որովհետեւ այս պատերազմի մէջ գտնուող աշխարհի մէջ կարիքը կայ եղբայրութեան, մօտիկութեան, երկխօսութեան ու բարեկամութեան։ Յոյսի նշանը այս է` երբ կայ եղբայրութիւն, ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց երիտասարդներուն որոնք եղան, ճամբորդութեան առաջին շարժառիթը։

''Անոնք անգամ մը եւս համապատասխանեցին կոչին` եկան համայն աշխարհէն, գոյներու, տարբեր դէմքերու, լեզուներու եւ պատմութիւններու տօնախմբութիւն մը։ Եկան նաեւ իրենց վէրքերով, իրենց հարցադրանքներով եւ ամէնէն առաջ հանդիպելու ուրախութեամբ''։ Անոնք անգամ մը եւս կազմեցին եղբայրութեան խճանկար մը։

ԵՀՕ խորհրդանշական պատկերն է այդ բազմագոյն դրօշներու ծածանումը։  ԵՀՕ ընթացքին արդարեւ ազգերու դրօշակները աւելի գեղեցիկ կը դառնան, կարծես կը ''բիւրեղանան'' եւ նոյնիսկ հակամարտութեան մէջ գտնուող ազգերու դրօշները իրարու մօտիկ կը ծածանին։

Այսպէսով այս իրենց Յոբելենական ընդարձակ հանդիպումով, աշխարհի երիտասարդները ընդունեցան Ողորմութեան պատգամը­, որպէսզի զայն տանին ամենուրէք` մարմնական եւ հոգեկան ներգործութիւններու ընդմէջէն։

Շնորհակալ եմ բոլոր երիտասարդներուն որոնք Քրաքովիա եկան։ Եւ շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք մեզի միացան երկրագունդի ամէն կողմերէն։ Պարգեւը զոր ընդունեցաք` թող դառնայ Տիրոջ կոչին առօրեայ պատասխան'' յարեց Սրբազան Պապը ու յատուկէն յիշեց Իտալացի Սուզաննա անունով երիտասրադուհին որ կեանքը կորսնցուց Վիեննայի մէջ ԵՀՕ մասնակցելէն անմիջապէս ետք, ապա մատնանշեց ճամբորդութեան երկորդ նպատակին որ եղաւ Լեհաստանի այցելութիւն։

Չեսթոքովայի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, ընդունեցայ շնորհքը Մօր մը հայեացքին, որ յատուկ օրէն Մայրն է Լեհ Ժողովուրդին, այդ ազնիւ ազգին որ շատ տառապեցաւ եւ որ Անոր մայրական բազուկի ու հաւատքի զօրութեամբ միշտ վերականգնեցաւ։

Այդ Սրբապատկերին մայրական հայեացքին տակ կը հասկցուի այդ ժողովուրդին հոգեւոր ուղեւորութեան իմաստը, որուն պատմութիւնը զօդուած է Քրիստոսի Խաչին։ Այնտեղ ձեռքով կը դպչիս Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդի հաւատքին որ կը պահպանէ  յոյսը եւ իմաստութիւնը` որ է հաւասարակշռութիւն ընդմէջ աւանդութեան եւ նորարարութեան, ընդմէջ յիշողութեան ու ապագայի։

Լեհաստանը այսօր համայն Եւրոպային կը յիշեցնէ թէ ցամաքամասը   ապագայ չունի առանց իր հիմնական արժէքներուն, որոնք իրենց կարգին որպէս կեդրոն ունին մարդու քրիստոնէական տեսլականը։ Եւ այդ արժէքներուն մէջ կայ նաեւ Ողորմութիւնը, որուն յատուկ առաքեալներն են Լեհաստան Երկրի երկու վեհանձն զաւակներ` Սրբուհի Ֆաութինա Քովալսքան եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։

Այս ճամբորդութիւնը ունէր ապա աշխարհի հորիզոնը, ըսաւ Սրբազան Պապը, աշխարհ մը կանչուած պատասխանելու իրեն սպառնացող ''մաս-մաս'' պատերազմի մարտահրաւէրին։ Եւ ահա Աուշվից – Պիրքենաու այցելութեան լռութիւնը դարձաւ աւելի խօսուն քան որեւէ խօսք։ Այդ լռութեան մէջ ունկնդրեցի, զգացի ներկայութիւնը բոլոր հոգիներուն որ այնտեղեն անցան, զգացի Աստուծոյ կարեկցութիւնն ու ողորմութիւնը զոր որոշ սուրբ հոգիներ կարողացան տանիլ նոյնիսկ այդ անդունդին մէջ։ Այս լռութեան մէջ աղօթեցի պատերազմի ու բռնութեան զոհերուն համար։ Այնտեղ այդ վայրին մէջ հասկցայ յիշողութեան արժէքը, ոչ միայն որպէս յիշատակ անցեալի եղելութիւններուն այլ նաեւ որպէս նախազգուշացում ու պատասխանատուութիւն` այսօրուայ ու ապագայի համար, որպէսզի ատելութեան եւ բռնութեան սերմը չ՛արմատաւորուի պատմութեան ակօսներուն մէջ։

Այս բոլորին համար գոհութիւն կը մատուցեմ Տիրոջ եւ Սուրբ Կոյսին ու դարձեալ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Լեհաստանի Նախագահին ու իշխանութիւններուն, Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսին ու Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք զանազան կերպերով կարելի դարձուցին այդ նախաձեռնութիւնը որ նուիրեց եղբայրութեան ու խաղաղութեան նշան մը` Լեհաստանին, Եւրոպային ու համայն աշխարհին։

Կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր կամաւորներուն որոնք ամբողջ տարի մը աշխատեցան պատրաստելու համար այս ձեռնարկը ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լրագրական աշխարհի գործիչներուն յատկապէս յիշելով Իտալացի լրագրողուհի Աննա Մարիա Եաքոպինին որ յանկարծամահ եղաւ ճիշդ ԵՀՕ ընթացքին։ Աղօթենք Անոր համար ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը

 








All the contents on this site are copyrighted ©.